«Աչքերնիդ Վերցուցէ՛ք ու Արտերուն Նայեցէ՛ք» (Յհ 4.35)

«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք: Արդէն ճերմկած ու հնձելու պատրաստ են» (Յհ 4.35):

Ի՞նչպէս կը նայէր Յիսուս կեանքին եւ ի՞նչպէս կապրէր (Մր 7.31-37): Իր ամբողջ էութեամբ եւ զօրութեամբ, Ան նուիրուած էր Աստուծոյ գործը կատարելու եւ Սատանային գործերուն վերջ դնելու (Գրծ 10.38): Ինչպէս յովազը կը յարձակի որսը լափելու համար, նոյնպէս Յիսուսի Հոգին «անօթի» է Թագաւորութեան համար կեանքը լափելու:

Աստուած մեզի նոյն հարցումը կը հարցնէ այսօր՝ «Ի՞նչպէս կը նայիս քու կեանքիդ»:

Ըստ Աստուածաշունչին, մեր կոչումն է քալել այն բարի գործերուն մէջ, որ Աստուած Յիսուսով մեզի համար նախապէս պատրաստեց (Եփ 2.10) եւ կեանքի մէջ թագաւորել (Հռ 5.17):

Սովորական կեանքի հոսանքը կու գայ մեզի կեդրոնացնելու մեր առօրեայ պէտքերուն վրայ: Աստուած մեզ կը յիշեցնէ որ կեդրոնանանք Թագաւորութեան գործին վրայ (Մտ 6.33): Կեանքի դժուարութիւնները կու գան մեզ վախցնելու եւ յուսահատեցնելու: Աստուած մեզ կը քաջալերէ մեզի յիշեցնելով թէ Թագաւորութիւնը մերն է (Ղկ 12.32): Իսկական գոհունակութիւնը եւ ամբողջական կեանքը Թագաւորութեան գործերուն մէջ քալելն է:

Յիսուս կը քալէր մարգարէութեամբ, Սամարացի կինը եւ Սամարացիները Թագաւորութեան համար «որսալու» նպատակով... եւ աշակերտները վերադարձան (Յհ 4.1-31):

Աշակերտները առօրեայ կեանքի պէտքերով տարուած էին եւ այդ մէկին համաձայն, անոնք անգիտակցաբար կաղաչէին որ Յիսուս ալ այդ սկզբունքին համաձայն «ուտէր» եւ ապրէր (Յհ 4.31):

Սակայն Յիսուսի «կերակուրը» Թագաւորութեան գործը կատարելն է: Ան մէկ դիրախ ու «որս» ունի եւ այդ մէկէն պակաս համեղ եւ սննդարար կերակուր չի կրնար ընդունիլ (Յհ 4.32-34):

Կեանքի հոսանքը մեզ կը ղեկավարէ բնութենական սկզբունքներու համաձայն եւ կը յետաձգէ Աստուծոյ գործը, մինչ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ կեանքի պայմաններէն վեր նայելու եւ «յարձակելու» (Յհ 4.35):

Յիսուսի կոչը մարգարէական աչքերով նայելու կոչ է: Յիսուսի աչքերը կը նային Հօր սրտին փափաքին համաձայն եւ Հայրը հաճեցաւ մեզի տալ Թագաւորութիւնը (Ղկ 12.32):

Կեանքի հոսանքը քեզ կը զրկէ յաւիտենական կեանքի վարձքէն: Յիսուս կը յիշեցնէ թէ իսկական ուրախութիւնը Հօր գործը կատարելն է (Յհ 4.36):

Յիսուսի Կեանքը այն սերմն էր որ տրուեցաւ շատ պտուղներու համար: Հիմա մենք ունինք իր Հոգին եւ ղրկուած ենք շարունակելու Աստուծոյ Թագաւորութեան գործը (Յհ 4.37-38):

Սատանան կեանքի հոգերով կը մօտենայ մեզմէ խլելու մեր որդիական եւ թագաւորական իրաւունքը: Մեր ժառանգութիւնը մե՛րն է:

Աստուծոյ մարգարէական խօսքը արձակուած է մեր վրայ մեզ տալով նոյն զօրութիւնը որ ունէր Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին (Յհ 14.12):

Մեր Կեդրոնացումը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, Հօր կամքը կատարելն է, Սատանային գործերուն վերջ դնելն է: Ա՛յս է մեր ժառանգութիւնը:

«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք: Արդէն ճերմկած ու հնձելու պատրաստ են» (Յհ 4.35):

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)