«Առաքեալ Ըլլալու Կանչուած» (Հռ 1.1)


«... Որուն միջոցով (Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) շնորհք եւ առաքելութիւն ստացանք՝ որպէսզի բոլոր ազգերը առաջնորդենք իր անունին հաւատքի հնազանդութեան» (Հռ 1.5):

Որպէս Աստուծոյ զաւակներ, մենք ստացած ենք  շնորհք եւ առաքելութիւն:
Նոր կտակարանի յունարէն բնագիրին մէջ գործածուած «Շնորհք» բառը (Charis) կը նշանակէ հաճութիւն, շնորհակալութիւն, բարի կամեցողութիւն, ազնուութիւն եւ նաեւ Աստուածային զօրութեամբ կառավարուած հոգեւոր վիճակ:

Իսկ «Առաքելութիւն» բառը (Apostole) կը նշանակէ ուղարկել, ինչպէս կ'ուղարուին արշաւող նաւատորմիղին հետ գացող դիւանագէտներ կամ պատգամաբերներ:

Ուրեմն, կարեւոր է որ ճանչնանք մեր ինքնութիւնն ու կարողութիւնը Քրիստոսով եւ նաեւ, շնորհքին մէջ աճելով առաքելութիւնը հետապնդենք, որպէսզի Աստուած փառաւորուի:

Սատանան ինք ալ ծրագիր ունի եւ կ'ուզէ օգտագործել մեր շնորհքը իր փառքին համար, աշխարհային հրապոյրով, ճնշումով եւ այլ միջոցներով որպէսզի մեզ հեռացնէ առաքելութենէն:

Աշխարհի լայն հոսանքին մէջ, Տէր Յիսուս կը մղէ մեզ որ նեղ դուռէն ներս մտնենք, քանի այ՛դ է կեանքի ճամբան (Մտ 7.13-14):

Տէր Յիսուս կը ղրկէ մեզ, թելադրելով որ  ըլլանք խորագէտ եւ միամիտ աշխարհին մէջ (Մտ 10.16):

Սատանան մեր անմեղութիւնը կուզէ գողնալ իր սուտերով, որպէսզի կարող չըլլանք առաքելութեան մէջ յառաջ երթալու:

Մինչ աշխարհի մէջ Աստուածատուր շնորհքներով կեանքդ կը ձգտիս ապրիլ, թշնամին կեանքդ կը պաշարէ, ինչպէս որ Նաբոգոդոնոսոր Երուսաղէմը պաշարեց (Դն 1.1):

Ան քու շնորհքդ կը հետապնդէ, ճիշդ ինչպէս Նաբուգոդոնոսոր Իսրայէլի որդիներուն մէջէն ամենէն տաղանդաւոր երիտասարդները գերի ըրաւ իր թագաւորութեան մէջ պալատական պաշտօններու մէջ օգտագործելու համար (Դն1.3-4):

Աշխարհային հրապոյրով եւ գրաւիչ խոստումներով, Սատանան մարմնաւոր հանգիստ  կը հրամցնէ (Դն 1.5):

Սակայն մենք ալ զօրութիւն ունինք մեր մէջ գտնուող Աստուծոյ զօրութեամբ դէմ կենալու թշնամիին:
«Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի» (Դն 1.8):
Դանիէլ իր հաւատքը գործածեց, իր սրտին մէջ գտնուող Աստուծոյ զօրութիւնը գործածելով, «ո՛չ» ըսելու համար Սատանային ծրագիրին:

Ինչպէս առաքելական կոչումի տէր զաւակները, այնպէս ալ Դանիէլ դիւանագէտի պէս վարուեցաւ: Դանիէլ ներքինապետին ըսաւ՝ «քու ծառաներդ տասը օր փորձէ՛... Տասը օր ետքը՝ անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող բոլոր տղաքներուն դէմքէն աղէկ ու գէր երեւցաւ» (8-16):

Դանիէլ գործածեց Աստուծոյ շնորհքը, որովհետեւ առաքելութիւնը յանձն առած էր: Մենք շատ անգամ կրնանք տկար իյնալ եւ Աստուծմէ զօրութիւն խնդրել,բայց Տիրոջ պատասխանը իր Խօսքին մէջ յստակ է՝ «իմ շնորհքս քեզի հերիք է» (Բ. Կր 12.9)

Երբ Դանիէլ հաստատ մնաց իր առաքելութեան մէջ, Աստուած «ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար» տուաւ (17ա), նաեւ ամէն տեսիլք եւ երազ հասկնալու գերբնական շնորհք (17բ) եւ ան «բոլոր մոգերէն եւ հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց» գտնուեցաւ (20):

Աստուած, սքանչելի ձեւերով, վկայութիւն բերաւ Դանիէլի եւ իր 3 բարեկամներուն կեանքերով եւ մինչեւ իսկ զանոնք գործածեց աշխարհի ամենամեծ բռնատէրը դարձի բերելու համար:

Աշխարհը մեզի կը խոստանայ գործի բարձր դիրքեր, հարստութիւն, լաւ ընկերային միջավայր: Այս ամէնը կ'ընէ քու Աստուածատուր շնորհքներդ օգտագործելով եւ քեզ Աստուծմէ ստացած առաքելութենէն հեռացնելով:

Այս պատճառով, Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ Տիմոդէոսը նաւակոծութենէ (Ա. Տիմ 1.18-20) եւ կը դելադրէ պատերազմիլ մարգարէութիւններով (18) եւ պահել հաւատքն ու մաքուր խղճմտանքը (19):

Նաւակոծութեան Պատճառները հետեւեալներն են՝
  1. Ծովահէններէ Կողոպտուած
  2. Լքուած
  3. Ընկղմած

Մինչ մենք մեր առաքելութեան մէջ կ'ընթանանք, կան դիւային յարձակումներ, ծովահէններու նման, որոնք կու գան կողոպտելու մեզ մեր շնորհքէն եւ մաքուր խիղճէն:

Ինչպէս ծովահէնները թնթանոթներով կը պատերազմին, մենք ալ Աստուծոյ Աւետարանին «պայթող» զօրութեամբ կրնանք պատերազմիլ (Հռ 1.16), գործածելով Աստուծոյ շնորհքը եւ արձակելով մարգարէութիւններ:

Մեր որոշումը մեր զօրութիւնն է: Մեր շնորհքը Տիրոջ փառքին համար է: Մեր առաքելութիւնը իր նպատակին պիտի հասնի:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)