Մարգարէին Պաշտօնը (Ա. Թգ 10)

Մինչ Սամուէլ եւ Սաւուղ միասին կը քալէին, Սամուէլ Սաւուղը մէկ կողմ կը քաշէ անոր Աստուծմէ պատգամ մը փոխանցելու համար (Ա. Թգ 9.27):

Մենք, որպէս  Քրիստոսի մարմինը, մարգարէ ենք, այս աշխարհին փոխանցելու համար Աստուծոյ Խօսքը:

Նայինք ի՞նչ կ'ըսէ Աստուծոյ Խօսքը մարգարէին պաշտօնին մասին:

Մարգարէն վստահութիւն կը ներշնչէ (Ա. Թգ 10.1)`
  • Ընդհանրապէս ծածուկ ձեւով եւ ոչ հրապարակաւ:
  • Կը կատարուի Աստուածային իշխանութեամբ:
  • Կը կատարուի Սուրբ Հոգիին օծութիւնով:
  • Կը փոխանցէ Աստուծմէ Իշխանութիւն:

Մարգարէն գիտութեան եւ իմաստութեան Խօսքով կ'ուղղէ  (10.2-8):

Ան կը ծառայէ ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ նշաններով: Ան Կ'ուղղէ քայլ առ քայլ, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան համաձայն`
1.       Դէպի Ռաքէլի գերեզմանը
§  Մարգարէութիւնը կը յայտնէ Աշխարհէն մեռնիլը (Մտ 8.22):
2.     Դէպի Աստուծոյ տունը՝ Բեթէլ
§ Մարգարէութիւնը կ'առաջնորդէ դէպի Աստուածպաշտութիւն եւ մարմնաւորէն՝ դէպի հոգեւոր կեանք:
3.     Դէպի Աստուծմէ կախեալ կեանք ապրելու
§  Սամուէլ Սաւուղին կը թելադրէ օտար մարդոցմէ ընդունիլ եւ ուտել:
§  Մարգարէութիւնը կը սորվեցնէ մեզ ամէն օր կախեալ ըլլալ Աստուծմէ ստանալիք սնունդէն (Մտ 6.11):
4.     Դէպի Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը եւ առաքելութիւնը:
§  Սամուէլ Սաւուղին կը թելադրէ երթալ Աստուծոյ բլուրը, ուր փղշտացիներուն բերդապահ զօրքը կը կենար: Սամուէլ կը յայտնէ թէ երբ բարձր տեղէն փառաբանութեամբ իջնող մարգարէներու գունդին հանդիպի, Սուրբ Հոգին անոր վրայ պիտի գայ, ան պիտի մարգարէանայ եւ նոր մարդ մը պիտի ըլլայ:  
§  Սամուէլ հիմնած էր մարգարէներու դպրոցը Աստուծոյ բլուրին վրայ եւ թշնամին չէր կրնար մարգարէներուն դպրոցին մօտենալ:
§Մարգարէն կ'առաջնորդէ հաւատացեալը դէպի առաքելութիւն մը, որ հիմնուած է Աստուծոյ կողմէ եւ կանչուած է թշնամին վտարելու: Յովնաթան, Սաւուղի որդին, ապագային պիտի զարնէր փղշտացիներու զօրքը (Ա. Թգ 13.3):
§  Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը ստանալը անհրաժեշտ է առաքելութեան համար (Գրծ 8.14-17):
§  Մարգարէներու խումբին նման օծութիւնը փոխանցող ըլլալը մեր կոչումն է:
5.     Դէպի համարձակութիւն եւ հնազանդութիւն
§  Սամուէլ Սաւուղին կը թելադրէ այն ատեն ձեռքէն եկածը ընել, քանի Տէրը իր հետ էր: Ան նաեւ կը թելադրէ 7 օր իրեն սպասել:
§  Հաւատքի համարձակութեան մէջ ուղղելը մարգարէին պաշտօնն է:
§ Մեր հաւատքի համարձակութիւնը բնաւ պէտք չէ պատճառաբանութիւն մը դառնայ Աստուծոյ թելադրանքէն դուրս ելլելու:
§  Աստուծոյ մարդը պէտք է իշխանութեան ենթակայ ըլլայ:
§  Սակայն Սաւուղ չսպասեց Սամուէլին (13.8-14):
6. Մարգարէն հնազանդ կ'ըլլայ միայն Աստուծոյ եւ կարող է յանդիմանելու ու նոյնիսկ իր կարգած թագաւորը վար առնելու (ոչ թէ Հեղիին պէս, որ իր զաւակները չյանդիմանեց (3.11-14):

Մարգարէական հոգին մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիով, որպէսզի սերունդներ առաջնորդենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)