Խաչին Յաղթութիւնը Մեր Կեանքերէն Ներս

Աստուած մեր կեանքերէն ներս ներկայ է մեծ զօրութեամբ (Եփ 1.19-21): Այս մէկը Խաչին վրայ կատարուածին հետեւանքն է (Կղ 2.15): Խաչին վրայ կատարուածը, մեզի տրուած Աստուծոյ «պայթող» զօրութիւնն է (Հռ 1.16):

Եթէ չճանչնանք եւ չարժեւորենք Խաչին զօրութիւնն ու յաղթութիւնը, պարտուած կեանքեր պիտի ունենանք: Հակառակ մեր հաւատացեալներ ըլլալուն, իր սահմանները անցնելով, Սատանան պիտի գողնայ մեր իրաւունքները: Իրաւունքներ որ ստացանք շնորհիւ Յիսուսին թափած արիւնին եւ Խաչին յաղթութեան:

Աստուած կ'ուզէ որ մենք լա՛ւ ճանչնանք իր յաղթութիւնը, որ Ի՛նք մեր կեանքերուն մէջ դրած է եւ յիշեցնենք Սատանային իր պարտութիւնը մեր կեանքի բոլոր բաժիններուն մէջ (Բ. Կր 2.14-16):

Հեղի Կորսնցուց
Հեղի չարժեւորեց Աստուծոյ ներկայութիւնն ու սրբութիւնը եւ կորսնցուց Աստուծոյ յաղթութիւնը իր կեանքին մէջ (Ա. Թգ 3.11-13): Հեղի չգործածեց Աստուծոյ զօրութիւնը մեղքը հանդիմանելու համար:

Իսրայէլ Կորսնցուց
Իսրայէլ պարտուեցաւ, հակառակ որ ուխտի տապանակով պատերազմի գնաց եւ աղաղակեց թշնամիին դէմ (Ա. Թգ 4.1-10):

Ուխտի տապանակը, որ կը խորհրդանշէ Խաչը, այսինքն՝ Աստուծոյ զօրութիւնը (Ա. Կր 1.24), գրաւուեցաւ (Ա. Թգ 4.11):

Աստուծոյ Յաղթութիւնը
Մինչ ուխտի տապանակը Փղշտացիներուն քով կը մնար, Աստուած ցոյց կու տայ Իր յաղթութիւնը շատ բացայայտ եւ զարմանալի ձեւերով:

Աստուծոյ կ'ուզէ մեզ յայտնել թէ Իր յաղթութիւնը մեր բարեպաշտութենէն եւ զօրութենէն կախեալ չէ՛, այլ՝ միայն Յիսուսին զոհէն եւ Խաչին զօրութենէն:

1.   Յաղթութիւն Դիւային Զօրութեան Վրայ
Դագոնը կը տապալի, եւ կոտրուած կը խոնարհի Աստուծոյ տապանակին առջեւ (Ա. Թգ 5.1-6):
Ամէն դիւային իշխանութիւն եւ կուռք մեր կեանքերէն ներս, կը խոնարհի Խաչին առջեւ:

2.   Յաղթութիւն Բնութենական Ուժերուն Վրայ
Մահուան եւ թանչքի ուռեցքներու հարուած Գէթի եւ Ակկարոնի մէջ ու մուկերու հարուած երկրին մէջ (Ա. Թգ 5.6-12, 6.5):

Բնութենական եւ առողջութեան վերաբերող ամէն պայման պարտուած է Խաչին առջեւ (Ես 53.5):

3.   Յաղթութիւն Հարստութեան Վրայ
Փղշտացիները դրին Տապանակը նոր սայլի մը վրայ եւ իրենց ուռեցքներուն եւ մուկերուն պատկերներով ոսկի դրին անոր վրան: Անոնք պատրաստ էին ոսկիով իրենց վրայ եղած անէծքին գինը վճարելու, փոխանակ ապաշխարելու (Ա. Թգ 6.3-5):

Աստուծոյ Խաչը կը խափանէ ամէն նիւթական հարստութիւն եւ դրամասիրութիւն:

4.   Յաղթութիւն Մարմնաւոր Բնոյթին Վրայ
Ապա անոնք սայլը կապեցին Կաթնտու կովերու որոնցմէ բաժնեցին իրենց ձագերը: Կովերը դէպի Իսրայէլ տարին տապանակը փոխանակ իրենց մարմնաւոր մղումին ու բնազդին համաձայն՝ իրենց ձագերուն երթան (Ա.Թգ 6.7-16):

Աստուծոյ Խաչին յաղթութիւնը զօրութիւն կու տայ ամէն մարմանաւոր մղումի եւ կիրքի վրայ (Գղ 2.20, 5.24):

5.   Յաղթութիւն Աշխարհային Գիտութեան Վրայ
Տապանակը բանալով, անոնք ուզեցին մէջի զօրութիւնը ճանչնալ: Անոնց անհաւատութեան հետաքրքրութիւնը 50,070 հոգիի վրայ կոտորած բերաւ (Ա. Թգ 6.19):

Մենք ունինք յաղթութիւն ամէն մարդկային գիտութեան եւ իմաստութեան վրայ (Ա. Կր 1.23-24): Մենք ունինք Քրիստոսի միտքը (Ա. Կր 2.16):

Մենք հաւատքով է որ Աստուծոյ կը մօտենանք եւ շնորհք կը գտնենք Իր ներկայութեան մէջ (Եբր 4.16):

Յաղթութիւնը կը Վերադառնայ
Սամուէլ ճանչցած էր Աստուծոյ ներկայութեան եւ յաղթութեան արժէքը եւ հաւատքով մօտեցաւ Աստուծոյ մինչ ժողովուրդը տակաւին կը վստահէր մարդկային վարպետութեան եւ ձեւերու (Ա. Թգ 7.7-9):

Աստուած մարդկային ձեւեր չուզեր. Այլ՝ հաւատք իր զօրութեան՝ Խաչին հանդէպ:

Մինչ Սամուէլ գառնուկը առաւ եւ Աստուծոյ մատուցանեց իբր ողջակէզ, Աստուած երկինքէն որոտաց եւ թշնամին շփոթի եւ պարտութեան մատնեց (Ա. Թգ 7.10):

Աստուած Խաչով Սատանան յայտնապէս խայտառակ ըրաւ եւ յաւիտենապէս շփոթի եւ պարտութեան մատնեց զինք (Կղ 2.15):

Երբ մենք հաւատքով հռչակենք, Իր զօրութիւնն ու յաղթութիւնը պիտի վայելենք:

Հռչակում
Մենք մեր հաւատքի եւ աղօթքի կեանքով Աստուծոյ յաղթութիւնը կը հռչակենք մեր կեանքին բոլոր բաժիններուն վրայ:

Մեր մէջ «պայթող» զօրութիւն կը գտնուի (Հռ 1.16-17) եւ Սատանան պէտք ունի լսելու Աստուծոյ որոտացող յաղթանակի ձայնը մեր կեանքին մէջ:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)