Առաքեալը Հայր Է

Երեքշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2010, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, աղօթքի մէջ էինք ծառայողներուն հետ եւ Ադլանդիք ովկիանոսը տեսայ. ալեկոծ էր: Տեսայ Ամերիկայի ցամաքամասը ովկիանոսին անդիի կողմը: Տեսայ նաւեր որոնք կը կտրէին ովկիանոսը դէպի ցամաք երթալով: Տէրը ըսաւ՝ «ճամբան բաց է»: Տէրը յայտնեց որ շատ մը առաջնորդներ մեր Եկեղեցիէն պիտի սկսին ճամբորդել առաքելութեամբ: Տէրը կը վառէր նաւը: Տէրը ըսաւ «Ե՛ս կ'առաջնորդեմ»:

Տեսայ նաւերը ցամաք կը հասնին եւ խարիսխները վար կը ձգուին եւ շատ մարդիկ խճողումով եւ անհամբերութեամբ վար կը նետուին նաւերէն ու կը վազեն դէպի երկրին խորերը:

Տեսայ մեծ եւ աւազոտ դաշտ մը որու վրայ սոված որբեր գետինը նստած էին. ամէն մէկը առանձին, տասը տարեկաննոց թուխ պզտիկներ:
Տէրը առիթ տուաւ որ քննենք մեր սիրտերը տեսնելու համար, թէ քանի որբ կրնանք որդեգրել: Տեսայ Հայր Աստուծոյ ժպտուն երեսը: Ան որդեգրած էր մեր բոլորը եւ մենք իր ուրախութիւնն էինք:

Վերստին տեսայ այն պատկերը ուր մարդիկ կը նետուին նաւերէն մեծ խանդավառութեամբ: Տէրը ըսաւ՝ «Շատ են մեծ փափաք ունեցողները բայց քիչ՝ հայր ըլլալ ուզողները»:

Տեսայ շարքերով մարդիկ որոնք կը մօտենային շարքով կեցած մարդոց որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը դնէին որբ պզտիկները: Կը զգայի թէ ամէն մէկ պզտիկ գանձ մըն էր:

Տէրը ըսաւ՝ «Առաքեալը ամէն ինչէ առաջ հայր է»:
Կը զգայի Հայր Աստուծոյ սրտի ցաւը:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)