Բարի Լոյս Տէր
Բարի Լոյս Տէր
Դուն իմ զօրութեան Աստուածն ես, քեզ պիտի օրհնեմ առտուները, հրեշտակներուդ հետ միասին երգեմ քու մեծութեանդ եւ շնորհքիդ առատութեան գովութիւնը:
Դուն սրտիս՝ ուրախութիւն, ոտքերուս՝ ուժ եւ շրթներուս՝ փառաբանութիւն եղար:
Ազգեր անտեսեցին խաչդ եւ չփնտռեցին երեսդ, բայց իմ սիրտս քու երեսդ փնտռեց ցերեկ ու գիշեր: Դուն հաւատարիմ եղար Տէ՛ր: Դուն դանդաղ չեղար քու բազուկովդ ինծի հասնելու եւ աշխարհէն ազատելու:
Դուն իմ մեծ զօրավարս եւ տիրակալ թագաւորս, ո՞վ կը համարձակի ինքզինք քու մեծութենէդ ծածկել: Դուն ամպերու վրայ կը բազմիս եւ երկինքէն առատ ջուրեր կը թափես եւ կ'ողողես մեր կեանքերը քու ողորմութեամբ եւ սիրով:
Ո՞վ է այն մարդը որ իր անմտութեամբ երթայ փնտռելու կեանք ուրիշ տեղ: Ո՞վ է այն մարդը որ առտու կանուխ փնտռէ իր փառքը եւ անտեսէ երկնքէն թափող շողը:
Ո՞վ է այն մարդը որ բաւարարուի երկրի հողով եւ անտեսէ փառքդ որ արեւուն նման կը շողայ:
Քու ջերմութիւնդ իմ սիրտս հագեցուց եւ ուրախութեան աղբիւր բղխեցուց հոգիիս ներսիդին:
Քու գինիդ աշխարհի ուրախութենէն լաւ է: Քու գիրկդ աշխարհի բերդերէն ապահով է: Քու սէրդ իմ պատիւս է:
Քու մեծութիւնդ իմ փոքր մատովս պիտի ցուցնեմ:
Comments
Post a Comment