Սաղմոս 103 (2010)

Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը:
Ո՛վ ամէն ինչ որ իմ ներսս է, օրհնէ՛ անոր Սուրբ Անունը:

Օրհնէ՛ Տէրը ով իմ անձս,
եւ անոր բարիքները մի՛ մոռնար:
(Օրհնէ՛ Տէրը) որ կը ներէ բոլոր մեղքերդ
ու կը բժշկէ հիւանդութիւններդ,
որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ
եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գութով,
որ կը հագեցնէ քեզ բարիքով,
որպէսզի երիտասարդութիւնդ արծիւին երիտասարդութեան պէս նորոգուի:

Տէրը արդարութիւն եւ իրաւունք կ'ընէ բոլոր զրկուածներուն:
Ան իր ճամբաները Մովսէսին յայտնեց,
բայց միայն իր գործերը՝ Իսրայէլի ժողովուրդին:
Գթած ու ողորմած է Տէրը, համբերատար եւ ողորմութիւնով լեցուն:
Ան ողորմած ու շնորհալի է եւ վէճով իր իրաւունքը չի պահանջեր:
Ան մեր մեղքերուն համեմատ չվարուեցաւ մեզի հետ,
ու մեր յանցանքներուն համաձայն չհատուցանեց մեզի:
Հապա որչափ երկինքը երկրէն բարձր է,
ա՛յնչափ իր ողորմութիւնը մեծ է իրմէ վախցողներուն վրայ,
Որչափ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է,
ա՛յնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները:
Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ,
այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ,
Որովհետեւ ան գիտէ մեր կազմուածքը եւ կը յիշէ թէ մենք հող ենք:

Մարդուն օրերը խոտի պէս են. ան դաշտի ծաղիկին պէս կը ծաղկի:
Եւ երբ հովը անոր վրայէն անցնի, ան կ'ոչնչանայ եւ կը մոռցուի:
Բայց Տիրոջ ողորմութիւնը յաւիտեանէ յաւիտեան իրմէ վախցողներուն վրայ է,
Եւ անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ,
բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը պահեն անոր ուխտը
Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները՝ զանոնք կատարելով:

Տէրը իր գահը երկինքի մէջ հաստատեց.
Անոր թագաւորութիւնը ամէնուն վրայ կը տիրէ:
Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ իր հրեշտակներ, որ ուժով գերազանց էք
եւ անոր խօսքին ձայնին յարելով՝
անոր պատուիրանքները կը գործադրէք:
Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ իր բոլոր զօրքեր,
անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ:
Օրնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ իր բոլոր գործեր,
անոր տէրութեան բոլոր տեղերուն մէջ:

Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս:



Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)