Սուրբ Հոգին կու գայ քու մէջդ սէր դնելու: Եթէ ընդունիս այն սէրը որ Աստուծմէ կու գայ եւ այդ սիրով սիրես միւսները, դուն պիտի հասկնաս Քրիստոսի սիրոյն մեծութիւնը եւ իրմով պիտի լեցուիս (Եփ 3.16-19):
Փրկութիւն, Յաւիտենական Կեանք եւ Աւետարանչութիւն Փրկութիւն (Sozo) կը նշանակէ ամբողջ ըլլալ, եւ Յաւիտենական Կեանք (Zoe)՝ Աստուծոյ Կեանքն է: Փրկութեան բարձրագոյն նպատակն է որ բոլորը վայելեն Աստուծոյ յաւիտենական կեանքը, զոր մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիով, եւ այսպիսով ամբողջ ըլլան Քրիստոսով: Շատերու համար փրկագործութիւնը հեռաւոր բան մըն է, եւ հետեւաբար Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չեն կրնար տեսնել որպէս հարազատ բան մը: Բայց մեզի՝ հաւատացողներուս համար, անիկա մեզի հարազատ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ մեզի յանձնուած գործը փրկագործութեան հաշտութեան պատգամը մարդոց փոխանցելն է (Բ. Կր 5.19): Ըստ Պօղոսին, այս պատգամը Աստուծոյ զօրութիւնն է մեզի տրուած՝ փոխանցելու համար, եւ ունի զօրութիւնը փրկելու (Հռ 1.16): Բանալին չամջնալն է, ճանչնալով անոր հարազատութիւնը, յաղթելով սուտերուն եւ խաւարի գործերուն: Փրկութիւնը Յիսուս Սամարացի կինը հրաւիրեց, որ ան մասնակցութիւնը բերէ իր կեանքին մէջ, իր ծարաւցած ատեն՝ իրեն ջուր տալով (Յհ 4.7): Յովհաննէս կ'ըսէ թէ Յիսուս եկաւ իրիններուն եւ անոնցմէ մերժուեցա...
Քու անունդ՝ ամէն անունէ վեր, Քու արիւնիդ ձայնը՝ ամէն ձայնէ բարձր, Քու սէրդ՝ ամէն սիրոյ հասկացողութենէ խոր... Դուն որ Հօր ծոցն էիր միշտ, դարձուցիր քու փառաւոր երեսդ մեզի, Եւ Դուն որ Որդիիդ նայելով քու ուրախութիւնդ ունիս, Յօժարեցար զԻնք մեղքի պատարաք ընդունիլ, Եւ Դուն որ կը բնակիս Հօր եւ Որդւոյն ջինջ սիրոյն մէջ, Յօժարեցար մեր մէջ հաստատել քու բնակութիւնդ, Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ անեղ, Սուրբ եւ հզօր, Մեր մէջ ունեցիր քու ազատութիւնդ եւ արտայայտութիւնդ։ Մեզ զինէ քու գիտութեամբ եւ համարձակ սրտի զօրութեամբ։ Քու Անունդ կը կանչենք եւ քեզի կը սպասենք։ Մեզ բարձրացուր քու աթոռիդ առջեւ, Տեսնելու Երեսդ, տեսնելու փառքդ, Գովելու Քեզ, լեցուելու Քեզմով, Փառաւորելու Քեզ, բաւարարուելու Քեզմով... Մենք մարդու մը չէ որ կը մօտենանք, ոչ ալ կրօնքի մը. այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Որդիին։ Մենք մօտեցած ենք մշտնջենական ուխտի միջնորդին, որուն օրհնութեամբ՝ մենք կը հասնինք կատարելութեան: Մենք կը պաշտենք զԱստուած, որ մեզ սիրեց եւ իր Որդիին արիւնով մեզ սրբեց մեր մեղքերէն։
Կը պատրաստես ժողովուրդ մը Քեզ պաշտելու մաքուր սրտով։ Քու նախանձդ գանձ է, Ո՜վ Նախանձախնդիր Աստուած։ Դուն Հայր ես, կը պատերազմիս որդիներուդ համար։ Քու զոհողութեամբդ աւելի բարձր ես քան աստուածները։ Դուն կը բժշկես, կը բարձրացնես ու կը զարդարես լքուածները։ Սուրբ Հայր, դուն զաւակներուդ՝ յաղթանակի դրօշակ ես։ Ո՞վ կայ Տէր, Քեզ նման։ Ո՛չ ոք կը մօտենայ Քու անուանդ։ Կը հաստատես ու կը տարածես Թագաւորութիւնդ՝ Խօսքովդ։ Ազգէ ազգ՝ կը տիրես անհատական խնամքով ու գութով։ Սերունդներ կը պատմեն քու գործերուդ մասին, զարմանքով։ Երկիրն ամբողջ կ՚երգէ քու փառքիդ մասին՝ նոր երգով։ Տիեզերգը կ՚ընթանայ ծափով ու պարով՝ քու սրտիդ տրոփումով։ Ո՞վ կայ Քեզ նման. Պատերազմող Աստուած, Որ Քու Որդւոյդ արիւնով կը հանդիմասես չարը, Ներկայութեամբդ կը լեցնես տուներ, Յաւիտենական ուխտով կը կնքես՝ Քեզի դարձողներ։ Որդեգրող Աստուած, Իւրացնող Աստուած, գրկող ու սնանող Աստուած, Դուն կը ժպտաս քու զաւակներուդ վրայ՝ գիշերով, եւ կը քաջալերես՝ ցերեկով։ Ուրախ Աստուած, ցնծութեան Աստուած, տօնախմբութեան Աստուած, Կ՚արշաւես փառաբանութեամբ եւ կը գրաւես...
Comments
Post a Comment