Յանկարծ



«Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ: Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ: Ահա կու գայ կ'ըսէ զօրքերու Տէրը» (Մղ 3.1):

Ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ, նոյնպէս մենք Աստուծոյ Խօսքին՝ Յիսուսին դեսպաններն ենք (Բ Կր 5.20): Մեր Վկայութիւնը ճամբան կը բանայ որպէսզի Տէրը յանկարծ իր Աստուածային յայտնութիւնը ընէ զինք փնտռողներուն, անոնց մէջ գայ հաստատուելու եւ անոնց դարձնէ տաճարներ իր Սուրբ Հոգիին:

Մենք մարդիկը չենք համոզեր: Մեր գործը շատ աւելի պատուաւոր է: Մենք դեսպանութիւն կ'ընենք եւ իր Թագաւորութեան Խօսքերը կը խօսինք Աստուծոյ զաւակի իշխանութեամբ:

Այն մթնոլորտը, որ կը ստեղծուի մեր քարոզչութեամբ կը նմանի այն աւազանին որ կը լեցուի յարմար տեսակի ջուրով եւ կ'արտօնէ որ կորուստի դատապարտուած ձուկերը իրենց կեանքերը գտնան հոն: Աշխարհը պէտք ունի կեանքի Խօսքին:

Մենք չենք կրնար այս մուտքը շինել կամ կառուցել: Մենք Երկնքի Թագաւորութեան մթնոլորտը կը հրաւիրենք: Աստուծոյ շնորհքն է, որ երբ հանդիպի մարդոց փնտռտուքին, յանկարծ կը յայտնուի եւ կը մտնէ անոնց մէջ մաքրելու, զօրացնելու եւ հոն իշխելու: Աստուծոյ շնորհքը կախեալ չէ մեր գործերէն, այլ ամբողջովին կախեալ է այն Խաչով պարգեւուած փրկութենէն որ յաւիտենականութեան մէջ կնքեց Աստուծոյ սէրը եւ հիմա յանկարծ կը ստանաս հաւատքով:

«Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. ո՛չ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծենայ» (Եփ 2.8-9):

Հռչակէ՛ Իր փառքը եւ գովէ իր մեծ անունը ազգերուն մէջ:
Թող իր մեծութիւնը յայտնուի ամբողջ աշխարհին...յանկարծ:




Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)