Աղօթք Ընթարձակման

Երազներու Աստուած, տար մեզ հոն՝
Ուր մեզ կը կանչես, հոն ուր մեզ կը սպասես։
Տա՛ր մեզ մեր ժառանգութեան համաձայն`
Քու սրտիդ մէջ, հոն ուր աշխարհն ամբողջ չի բաւեր:
Ո՞վ կայ Քեզ նման: Ո՛չ ոք չի բաղդատուիր քու Անձիդ, քու գրկիդ:

Ո՜վ Հօր Միածին, Սուրբ եւ Անգին,
Տո՛ւր մեզի նոյն սրտիդ համաձայն, նոյն առոյգ կորիւնի մռնչիւն:
Սիրոյ բարձր աղաղակի արժանի Աստուած,
Որ քու արեանդ անգին կաթիլները սրսկեցիր,
Եւ մեր ամօթալի երեսները ապշեցուցիր,
Մտցուցիր մեզ անդին, շա՜տ աւելի անդին քան մտերիմ,
Դուն որ մեզ միացուցիր Հօր Հոգիովդ Սուրբ,
Որ լուացիր մեզ Խօսքիդ ջուրով, զօրացո՛ւր մեզ:
Լեցուած Հոգիովդ, զաւակներդ կը դիմենք քեզ,
Որ սէր ես, որ մարդը կը սիրես։

Իմ Աստուած, իմ փրկիչ, իմ Հայր եւ Արարիչ,
Քեզ կը պաշտենք, կ՚երկրպագենք, դուն ես մեր բաժինը։
Եթէ քաշես, կ՚երթանք, կ՚երթանք կ՚ընթարձակենք,
Զաւակներդ հաւաքենք, Թագաւորութիւնդ տարածենք...



Comments

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի