Վերադարձ

Իր առակներով, Յիսուս կը ներկայացնէր ուրիշ իրականութիւն մը, ուրիշ ճշմարտութիւն մը, ուրիշ թագաւորութիւն մը, ուրիշ հաստատութիւն մը:

Նախքան Քրիստոնեայ ըլլանք, պէտք է նախ «խանգարուած» մարդիկ ըլլանք. խանգարուած հանգիստով, խանգարուած սիրտով, միտքով, տրամաբանութեամբ եւ արժէքներով:
Նախքան Յիսուսի հետեւինք, պէտք է այս աշխարհի սկզբունքները ետեւ ձգենք եւ հետեւինք այն իշխանութեան որ մեր ինքնապաշտպանութիւնն ու ինքնարդարացումը կը սպառէ Իր անսակարկ սէրով:
Նախքան ըսենք որ մենք կը սիրենք, պէտք է նախ արտօնենք որ Սէրը փոխէ մեր լարուածութիւնները, պահանջքները, սկզբունքները, առաջնահերթութիւններն ու կեանքի հիմերը:
Նախքան ըսենք որ մենք մարդ ենք, պէտք է վերստին գտնենք մարդ արարածի սկզբնական յատակագիծը, մեր ծագումին մէջ... ո՛չ թէ գիտութիւնով, այլ՝ յայտնութիւնով եւ ներգործող զօրութիւնով... յայտնութիւն մը որ կը սկսի եւ կը վերջանայ Հօր, Որդիով եւ Սուրբ Հոգիով, յայտնութիւն մը որ կատարեալ է Յիսուս Քրիստոսին անձին մէջ:


Comments

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի