Աստուծոյ Մարդը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ե. Մաս)

Ի՞նչ է Ծառայութիւնը Արդէօք ծառայութիւնը եկեղեցիէն ներս աշխատա՞նք է, կամ եկեղեցիին մէջ դի՞րք, կոչո՞ւմ, ինքնութի՞ւն, ձի՞րք, հրա՞շք... Ի՞նչն է որ կ’որոշէ եթէ անձ մը Աստուծո՛յ մարդն է: Ահա Աստուծոյ Մարդը Եզրաս 7-րդ գլուխին մէջ Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ նոր անձ մը: Եզրաս կը ներկայացուի նախ իր ազգաբանութեամբ (7.1-5) եւ կը զանազանուի իր կատարածով (7.6ա): Ան արագագիր դպիր էր: Ան վարպետ եւ գերազանցող էր իր մարզին եւ ծառայութեան մէջ (7.6բ, Սղ 45.1): Այս բոլորին հետեւանք՝ ան մեծ շնորհք կը վայելէր Աստուծոյ եւ թագաւորին առջեւ (7.6գ): «Աստուծոյ Բարի Ձեռքը Անոր Վրայ» (7.11-28) Թագաւորը զինք ղրկեց եւ ան Երուսաղէմ հասաւ, որովհետեւ Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ էր (7.9): Եզրաս «իր սիրտը պատրաստեց», որպէսզի Տիրոջ օրէնքը փնտռէ, կատարէ եւ սորվեցնէ (7.10): Եզրասի Նկարագիրը Եզրաս Աստուծոյ եւ իր ծառայակիցներուն առջեւ (8.21-23)՝ ¡ Անկեղծ եւ խոստովանող էր: ¡ Խոնարհ, աղօթքով եւ ծոմով Աստուծոյ ապաւինող էր: ¡ զԱստուած պատուող էր: Եզրաս շնորհքին բացած ճամբ...