Քրիստոսով Նոր Կեանքը (Թագաւորութեան Հաստատումը – Ե. Մաս)
Ուխտաւոր Կեանքը
Աստուած մեզի հետ ուխտ մը կնքած է Յիսուսի արիւնով:
Այդ ուխտին միջոցաւ, մեզի շնորհած է Իր հարստութիւնն ու թագաւորութիւնը իբրեւ ժառանգութիւն: Ամէն ուխտաւոր զաւակ պէտք է լաւ ճանչնայ այդ ուխտին պայմաններն ու պատասխանատուութիւնները, որպէսզի վայելէ եւ ապրի այն բոլոր բարիքները, զորս ուխտը կը խոստանայ:
Աստուած կ’ակնկալէ, որ ամէն զաւակ շատ լաւ յիշէ եւ ճանչնայ Իր շնորհքին ճոխութիւնը, որով օրհնած է մեզ, եւ գիտակցօրէն յօժարի նուիրուիլ թագաւորութեան գործին, նոյն զօրութեամբ:
Իսրայէլ Սինա Լերան Քով (Ելք 19.1-8)
«Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի» (Ելք 19.4):
Աստուած կը յիշեցնէ Իր նախանձը, զոր տեսնելը բաւարար կը նկատէ: Ան մեզ կը յիշեցնէ, թէ մենք «վերցուած» ենք այն բարձրութեան մակարդակին, որ կը համապատասխանէ երկնային կեանքին:
Արծիւի օրինակով, Աստուած շեշտ կը դնէ յաղթական եւ թագաւորական կոչումին վրայ, որ մենք ստացած ենք գերբնական շնորհքով:
Ինչպէս արծիւը կը յատկանշուի իր փառաւոր թռիչքով ու սուր տեսողութեամբ, նոյնպէս ալ Աստուծոյ ծրագիրը մեզի համար մեծ տեսիլք ունի:
«Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ'ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու» (Եր 29.11):
Աստուծոյ նպատակն է մեզ Իր քով տանիլ: Այսինքն՝ Աստուծո՛յ իսկ կեանքին մէջ. «զօի՛» յաւիտենական կեանքին մէջ:
«Եւ հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեփական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է» (Ելք 19.5):
«Հնազանդիլ», եբրայերէնով՝ «շեմա-շեմա» (shema-shema), կը նշանակէ՝ մտիկ ընել կամ մտիկ ընելով մտիկ ընել, հնազանդիլ առանց թեթեւութեան կամ թեթեւսոլիկութեան («քոլի» - kole):
«Պահել», եբրայերէնով՝ «շեհմէր» (shehmer), կը նշանակէ՝ ամբարել՝ ինչպէս հեղուկի մը տակը հաւաքուիլը, ինչպէս հին գինիին յատակի մրուրը, ինչպէս մարդուն հոգին մարդուն մէջ:
«Սեփական», եբրայերէնով՝ «սեկուլլա» (segullah), կը նշանակէ՝ անձնական արժէքաւոր ստացուածք, յատուկ գանձ, գոհարեղէն:
Յայտնելու համար, որ երկիրը Իրն է, Աստուած կը գործածէ եբրայերէով «քիյ» (kiy) բառը, որ կը նշանակէ՝ այրող կամ կնիքը կրող:
Այսպիսով Աստուած կը յայտնէ Իր ծրագիրին ու խոստումին մեծութիւնը, որ կ'երթայ մինչեւ իսկ մարդուն տալու Աստուծոյ անձնական գանձն ու կնիքը ըլլալու պատիւը, եւ նոյն ատեն յայտնելու մարդուն պարտականութիւնը՝ Անոր ուխտն ու խօսքերը իր կեանքին ամենախորունկ տեղը պահելու կամ ամբարելու:
«Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ պիտի ըլլաք» (Ելք 19.6):
Աստուած հաճեցաւ Թագաւորութիւնը մեզի տալ: Հո՛ն է մեր գանձը (Ղկ 12.32-34): Այս մէկը մեզ կը մղէ Քրիստոսով թագաւորելու (Հռ 5.17), եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան իրականութիւնը Երկնային Կեանքն է երկրի վրայ (Հռ 14.17):
Այս մէկը պիտի կատարուէր «քահանաներու» միջոցաւ: Այսինքն Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար միջնորդողներու, ծառայողներու միջոցաւ, որոնք յատկացուած եւ նուիրուած են Աստուծոյ գործին. իսկական սուրբ ազգ մը:
«Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին. «Տիրոջ բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ելք 19.8):
Ասիկա գիտակից եւ ամբողջական նուիրումի ու սիրոյ արտայայտութիւն է: Ասիկա ամենամեծ եւ սքանչելի հրաշքն է: Այս որոշումը մեր մուտքն է դէպի Քրիստոսով Նոր Կեանքը:
Այդպիսի սրտի կեցուածքով մենք կը թագաւորենք կեանքի մէջ, Քրիստոսի ձեռքով (կարդա՛ Եփ 1.3-14):
Քրիստոսով Նոր Կեանքը
Մեր Փրկութիւնը տեւաբար կ’արձագանգէ Աստուծոյ շնորհքն ու հաճութիւնը մեր կեանքերէն ներս: Ան մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ տեսիլքն ու ծրագիրը մեր կեանքերուն համար: Ան մեր սրտերը կը կեդրոնացնէ այն աներեւակայելի գանձին վրայ, որ ունինք Քրիստոսով ու մեզ կը մղէ թագաւորելու, որպէսզի լեցնենք երկիրը Իրմով:
Մենք այսօր կը վերանորոգենք եւ կը վերահաստատենք մեր ուխտը, Իսրայէլի ժողովուրդին նման միաբերան ընդառաջելով Աստուծոյ կոչին, ըսելով՝ «Մենք քուկդ ենք, Տէ՜ր»:
Comments
Post a Comment