Միաբանութեան Զօրութիւնը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Դ. Մաս)
«Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէսզի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայովը լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ'ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան. Այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ, նոյն պատերազմը մղելով, որ իմ մէջս տեսաք ու հիմա իմ վրայովս կը լսէք»: (Փլպ 1.27-30)
Իսրայէլի ժողովուրդը անապատին մէջ լաւ վարմունգ չունէին: Անոնք տեւաբար տրտունջ կ'ընէին: Սակայն Աստուած տակաւին կը համբերէր, որովհետեւ գիտէր թէ ինչ տեսակի զօրութիւն կը դնէր իրենց մէջ եւ թէ այդ զօրութիւնը պիտի երեւէր հարմար ժամանակին:
«Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին: Անոնցմէ մէկը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին: Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը: Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար: Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր» (Գրծ 4.32-35):
Միութիւն եւ Նուիրում
Աստուածաշունչը կը խօսի Աստուծոյ յաղթանակը աշխարհի վրայ հռչակելու համար՝ միութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան հոգիին զօրութեան մասին եկեղեցիէն ներս:
Ծառայութեան մէջ մէկզմէկ վեր պահելով, մենք Խաչին վրայ Աստուծոյ տարած յաղթանակը Սատանային դէմ յայտնի կը դարձնենք երկրի վրայ:
Այս մէկը զոհողութիւն եւ նուիրում կը պահանջէ:
Ես առանց քեզի չեմ կրնար ապրիլ: Դուն առանց ինծի չես կրնար ապրիլ: Ես նուիրուած եմ քեզի եւ դուն նուիրուած ես ինծի: Մենք նուիրուած ենք իրարու որպէսզի վեր պահենք Աստուծոյ յաղթութիւնը երկրի վրայ:
«Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. ‘Արդէօք Տէրը մեր մէ՞ջ է’» (Ելք 17.7):
Նոյնիսկ Իսրայէլի ժողովուրդը տեղեակ չէր թէ Աստուած ինչպիսի զօրութեամբ իրենց մէջ էր:
«Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի.‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’: Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ» (Մտ 18.19-20):
Պատերազմ Ամաղէկի Հետ (Ելք 17.8-16)
«Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ» (Ելք 17.8):
Սատանան կը յարձակի երբ՝
· Սուրբ Հոգին կը ստանաս:
· Աւելի մեծ բան մը կը սպասէ քեզի:
«Մովսէս ըսաւ Յեսուին. “Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. Վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով’’: Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ: Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան» (Ելք 17.9-10):
Այս գործը մինակդ չես կրնար շալկել:
Հնազանդութիւնն ու նուիրումը առաջնահերթ են:
Ամէն մարդ իր դիրքին մէջ պատրաստ էր: Ո՞ւր ես դուն: Պատրա՞ստ ես:
Կարեւոր է ճանչնալ թէ երբ Սատանան քու վրադ յարձակի, ան աւելի հեռու նպատակներ ունի:
Անոր պատերազմը միայն անհատներու դէմ չէ, այլ՝ Եկեղեցիին եւ Աստուծոյ:
«Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ'իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր» (Ելք 17.11):
Խաչը բարձրանալով մեր կեանքերէն ներս, թշնամին կը պարտուի:
Պատերազմը մերը չէ, այլ՝ Տիրոջն է: Մենք իր յաղթութեան դրօշակը՝ Խաչը, միշտ վեր պահելու ենք:
«Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին» (Ելք 17.12ա):
Ահա՛ Միաբանութեան հրաշքը: Ա՛յս է Եկեղեցիին գաղտնի զօրութիւնը՝ բան մը, զոր թշնամին բնաւ չակնկալեր, բան մը, որ իր գլուխը կը ջախջախէ:
Աստուծոյ զօրութիւնը (գաւազանը) ոչ մէկ վիճակ պիտի փոխէ եթէ դուն չճանչնաս Մովսէսին ձեռքը վեր պահել: Ղեկավարութիւնը քեզի պէտք ունի եւ դուն՝ ղեկավարութեան:
Շատեր կը կարծեն որ իրենք գաւազանը աւելի լաւ կրնան վերցնել եւ կը փորձեն յափշտակել զայն ղեկավարութենէն, կարծես ըլլան աւելի նախանձախնդիր Աստուծոյ գործին համար:
«... ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին» (Ելք 17.12բ):
Մինչեւ արեգակին մարը մտնելը ծառայելը կը յայտնէ հաւատքի, նուիրումի, յարատեւութեան եւ հաւատարմութեան մասին, զորս ծառայողները ունին:
Այն տեսակի նուիրումը կը ծառայէ եւ կը յարատեւէ այնքան ատեն որ հնարաւորութիւնը կայ ծառայելու եւ նուիրուելու:
«Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը» (Ելք 17.13):
Շատեր պատերազմի դաշտի ծառայող են, ուրիշներ լուսանցքներուն մէջ ծառայող: Յաղթութեան գաղտնիքը միաբանութեան եւ նուիրումին մէջն է: Մենք իրար պէտք ունինք:
«Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ’’: Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովանիսի դրաւ ու ըսաւ. “Քանզի Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով թէ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’’’» (Ելք 17.14-16):
Տէրը երդում կ’ընէ թշնամիիդ դէմ պատերազմելու (այս խօսքը ուղղուած է եկեղեցիին) ազգէ ազգ, երբ սիրտդ այսպիսի նուիրումով կառչած է իր գործին , իսկական միաբանութեամբ:
Comments
Post a Comment