Կեանքի Աղբիւրը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Գ. Մաս)

«Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կաղաղակէր ու կըսէր. ‘Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ: Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’’: Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին վասնզի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր» (Յհ 7.37-39):

Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ, ամէն զաւակի ամենակենսական պէտքը Սուրբ Հոգին է: Յիսուս Ի ՛նք է կեանքի աղբիւրը եւ Սուրբ Հոգին տուողը:

Տաղաւարահարաց տօնը Իսրայէլի 3 գլխաւոր տօներէն մէկն էր (Ղւ 23.33-36): Տօնը ութ օր կը տեւէր, առաջին եւ վերջին օրերը շաբաթ օրուայ հանգիստով եւ ամէն օր զոհեր կը մատուցանէին: Այդ շաբթուան ընթացքին, իսրայէլացիներ արմաւենիներով հիւղակներ կը շինէին եւ հոն կը բնակէին որպէսզի յիշեն անապատի մէջ վրաններու տակի կեանքը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը: Մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ ամբողջ ժողովուրդը կը տօնէր այս տօնը: Վերջին օրը կը յիշէին ինչպէս իրենք անապատէն ելան եւ խոստացուած կաթ ու մեղր բղխող երկիրը մտան: Այսպիսով, անոնք կը յիշէին կախեալ ապրիլ Աստուծմէ եւ մանաւանդ անոր ողորմութենէն որ ցոյց տուած էր իրենց հայրերուն անապատին մէջ անոնց  ջուր տալով...

Ապառաժէն՝ Ջուր (Ելք 17.1-7)
Անապատին մէջ, Իսրայէլի ժողովուրդը ծարաւցաւ եւ տրտունջ ըրաւ Մովսէսին դէմ: Անոնք Տէրը փորձեցին կասկածելով թէ արդէօք Տէրը իրենց մէ՞ջ է (Ելք 17.2-4,7):

Աստուած կ'ուզէ որ մենք լաւ ճանչնանք մեր ինքնութիւնը Քրիստոսով, անկէ բնաւ դուրս չելլենք, եւ գիտնանք շիտակ ձեւով մօտենալ եւ խմել այն ջուրէն որ Իրմէ կը բխի:

Մովսէս իր գաւազանով ժայռին զարնելը կը ներկայացնէ Աստուած իր դատաստանով Յիսուսը Խաչին վրայ զարնելը (Ելք 17.5-6):

«Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասնզի գրուած է թէ՝Անիծեալ է ան՝ որփայտէ կը կախուի’)» (Գղ 3.13):

Աստուած սկիզբէն կը պատրաստէր այս նոր ճամբան որ Իր Որդիին զոհողութեամբ պիտի բանար (Ես 41.18, 42.9, 43.19):

Մեր մեղքն ու անէծքը Իր վրայ վերցնելով Յիսուս բացաւ կենդանի ճամբայ մը իր մարմինին մէջէն ուրկէ մենք հաւատքի վստահութեամբ եւ համարձակութեամբ կրնանք մտնել (Եբր 10.19-22, 4.16):

Ինչպէս կարծր ժայռէն 2 միլիոն ժողովուրդի աղբիւր բխեցուց, նոյնպէս մեր կարծր սրտերէն կեանք պիտի բխեցնէ իր մեծ շնորհքով (Յհ 7.37-38):
Իսրայէլի ժողովուրդը կը տօնէր Տաղաւարահարաց տօնը եւ կարող չէր տեսնելու Կեանքի Աղբիւրը որ իրենց միջեւ էր: Անոնք պարտականութիւն կընէին: Անոնց սրտերը կարծրացած էին:

Երբ կորսնցնենք մեր փրկութեան ցնծութիւնը, մենք կը դառնանք կոյր, ծառաւ եւ դժգոհ:
Մենք կը դառնանք կարծրասիրտ մոռնալով մեր իսկական սէրը (Յյտ 2.2-4): Բնաւ պէտք չէ կորսնցնենք մեր փրկութեան ցնծութիւնը որովհետեւ հո՛ն է մեր կեանքի աղբիւրը (Սղ 51.12, 95.1): Մենք մեզ հարցնելու ենք՝ 'Ո՞ւրկէ եւ Ի՞նչպէս «ջուր կը քաշես (Ես 12.1-6):

Երբ մեր ինքնութենէն դուրս մեր կեանքերը փորձենք ապրիլ, մենք փորձած կ'ըլլանք զԱստուած (Թւ 20.7-13, Եր 2.13-14):

Կարեւոր է լաւ ճանչնալ Աստուծոյ տեսակէտը որովհետեւ «...երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ...» (Հռ 5.8):

Աստուծոյ Կանչը
«Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ» (Յհ 7.37):
«Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է կամ ծառա՞յի զաւակ է» (Եր 2.14):
«Եթէ ես հայր եմ, ո՞ւր է իմ պատիւս» (Մղ 1.6):

Աստուծոյ մօտենանք որդիական համարձակութեամբ: Ան արժանի է ամէն պատիւի:


Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)