Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Մեր Որդիական ինքնութիւնը Աստուծմէ պարգեւ է... Բայց նաեւ փորձառութիւն է: Յիսուսի մկրտութենէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Հոգին զինք տարաւ անապատ Սատանայէն փորձուելու համար (Մտ, Ղկ 4.1-2 հմմտ. Գղ 1.15-18):
Աստուծոյ ծրագիրն է Սատանային գործերուն վերջ դնել (Ա.Յհ 3.8): Ան պէտք ունի որդիներու որոնք ոչ միայն պարգեւ եւ հաճութիւն կը ստանան, այլեւ կարող են իրենց որդիական ինքնութեամբ քալելու:
Աստուած մեզի խոստացած է յաղթութիւն: Մենք Սուրբ Հոգիով լեցուած ենք եւ Սատանային գլուխը պիտի ջախջախենք: Սակայն Սուրբ Հոգին կարեւոր կը նկատէ նախ մեզի անապատ տանիլ:
Ո՞ւր է Անապատը
Յունարէնով՝ ἔρημος (erēmos), կը նշանակէ՝
· Անբնակ, լքուած
· Առանձնութեան տեղ
· Չմշակուած եւ չկառուցուած վայր
Սուրբ Հոգին մեզ կը տանի «տեղեր» ուր՝
· Ուրիշ մարդ չկայ
· Ուրիշ զբաղում չկայ
· Մարդկային գործ չկայ:
Ի՞նչու Անապատ: Որովհետեւ Ան կ’ուզէ որ մենք լաւ ճանչնանք մեր ինքնութիւնը, անկախ մարդկային գործերէ եւ անոր ընտելանանք զանիկա ապրելով:
Ի՞նչու Փորձութիւն : Աստուած կ’ուզէ որ մեր մէջ արթննայ որդիական իրաւունքին հանդէպ նախանձը ու մեղքին հանդէպ ատելութիւնը:
Ի՞նչու Սատանայէն: Աստուած կ’ուզէ որ մենք յաղթահարենք մեր ներքին վախերն ու ցանկութիւնները (որոնք Սատանային դռներ են) եւ յաղթանակը մեր ձեռքը՝ աշխարհ երթանք ծառայելու:
Երեք Փորձութիւններ
Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես...» (Ղկ 4.3ա):
Սատանան կ'արթնցնէ կասկած ինքնութեան վրայ (որ Աստուած դեռ քիչ առաջ երկինքէն յայտարարած էր):
«ըսէ այդ քարին որ հաց ըլլայ» (Ղկ 4.3բ):
Սատանան կ'ուզէ մեզ մղել վստահութեան մը մէջ որ Հօրմէն անջատ է, ինչպէս նաեւ քու պէտքդ կամ փափաքդ հետապնդելու մղում մը կ'արթնցնէ: Սատանան քեզ կը քաջալերէ վստահելու մարմնաւորին վրայ, որ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է:
Յիսուս պատասխանեց ըսելով՝ «Գրուած է թէ...» (Ղկ 4.4ա):
Կարեւոր է դիմել Խօսքին, կառչիլ Խօսքին եւ զօրութիւն քաղել Խօսքէն:
«Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքով» (Ղկ 4.4բ):
Յիսուս ցոյց կու տայ վստահութիւն Աստուծոյ Խօսքին վրայ եւ ոչ մարմնաւորին (Բ. Կր 10.3-7, Մտ 16.17):
Սատանան Յիսուսին Կը հանէ բարձր լեռ մը: Սատանան քեզի կը խոստանայ բարձր դիրք: Ան սուտ կը խօսի ըսելով թէ ամէն փառք իրեն կը պատկանի եւ կը խոստանայ տալ իշխանութիւն եւ փառք եթէ իրեն երկրպագէ: Սատանան կ’ուզէ Աստուծոյ նման պաշտուիլ:
Իսկ Յիսուս վերստին կը դիմէ ու կը կառչի Խօսքին եւ այդպիսով կը պաշտէ զԱստուած, որ զինք պիտի խիստ բարձրացնէր (Փլպ 2.6-11):
Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց (9), որպէսզի մարդիկ տեսնեն եւ հաւատան: Ան Յիսուսը փորձեց Աստուծոյ Խօսքով : Երբ տեսաւ թէ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին կը կառչի, ինք ալ այդ ճամբով փորձեց խափել, Աստուծոյ Խօսքը փոխելով:
Սատանան կ’ուզէ որ դուն քու ձեւովդ հռչակես քու փառքդ եւ այդպիսով կորսնցնես Աստուծոյ փառքը որ քու կեանքիդ մէջ է Աստուծոյ հռչակումով ու Սուրբ Հոգիով:
Յիսուս դարձեալ Աստուծոյ Խօսքով պատասխանեց: Աստուծոյ Խօսքը ինքն իրեն չի հակասեր:Սուտ մարգարէութւնները կը փորձուին Աստուծոյ Խօսքով:
«Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ» (13):
Սատանային համար բաւական զօրաւոր հարուած էր որ ատեն մը հեռու մնաց (մինչեւ կարծես ետ «ինքզինք գտնէ»):
Մենք եւս մեր անապատին մէջ պէտք է դիմագրաւենք մեր տկարութիւնները եւ կառչինք Աստուծոյ Խօսքին ամէն բանէ վեր:
Կարեւոր չէ ինչքան «պզտիկ» է տկարութիւնդ եւ ինչքան շատ Աստուծոյ հաճութիւնը շահած ես, եթէ անապատիդ մէջ դէմ չդնես Սատանային, աշխարհի մէջ դիւրութեամբ պիտի իյնաս:
Սատանային մի քանի հարուածով ետ մղենք վստահելով Աստուծոյ հռչակումին ու Խօսքին եւ պատրաստ ըլլանք երբ ան վերադառնայ:
Յաղթանակը մեր ձեռքը՝ երթանք աշխարհ Աստուծոյ ծառայելու համար:
Comments
Post a Comment