Մարգարէութեան Զօրութիւնը
Որպէս հաւատացեալներ, մենք կը հաւատանք Աստուծոյ Խօսքին: Ընդունած ենք Յիսուսը՝ Աստուծոյ Խօսքը որպէս Տէր մեր սրտերուն մէջ: Սակայն, յաճախ կը նշմարենք որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող խոստումները, ճշմարտութիւնները եւ բարիքները ամբողջութեամբ եւ կատարեալ ձեւով չենք վայելեր: Յաճախ մարգարէութիւններու կատարումը կ'ուշանայ:
Երբ Ճանչնանք արժէքը Աստուծոյ Խօսքին, որ մարգարէութեամբ կու գայ մեզի եւ կեդրոնանանք ատոր համաձայն վարուելու եւ հաւատալու, մեր կեանքերը պիտի յեղաշրջուին եւ մենք մեր անձերը պիտի գտնենք Աստուծոյ Խօսքին կատարումին մէջ:
Պօղոս առաքեալ կը խօսի նախանձախնդիր ըլլալու մասին, եւ յատկապէս մարգարէութեան համար (Ա. Կր 14.1,3):
Մարգարէութիւնը Ամբողջ Է
Դ. Թագաւորաց գիրքին 9րդ եւ 10րդ գլուխներուն մէջ կը կարդանք Յէուին մասին:
Եղիսէ Աստուծոյ մարգարէն էր, բայց ան անձամբ չգնաց Յէուն թագաւոր օծելու, որպէսզի մարդոց կեդրոնացումը պահէ մարգարէութեան ամբողջ ըլլալուն վրայ: Ան ղրկեց նորահասակ մարգարէն որպէսզի այդ գործը ընէ: Մարգարէութիւնը մարգարէէն կախեալ չէ՛, այլ՝ Աստուծմէ եւ ան իր մէջ կը պարունակէ ամէն ինչ:
Յէուն չէր երեւակայէր, որ Աստուծոյ Խօսքը իրեն ուղղուած կրնար ըլլալ (Դ.Թգ 9.5): Ան կը կարծէր, որ իր մէկ յատկութեան կարիքը կայ: Ան զարմացած էր որ մարգարէն իրեն համար Խօսք ունէր:
Նորահասակ մարգարէն, Խօսքը փոխանցելէ ետք, դուռը բացաւ եւ փախաւ որովհետեւ հոն աւելցնելիք չկա՛ր: Մարգարէութիւնը ամբողջ է: Մենք ոչինչ կրնանք աւելցնել անոր վրայ: Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը այսպիսի հաւատք մը պէտք է ըլլայ:
Մարգարէութիւնը Կատարեալ Է
Յէու ժամանակ չկորսնցուց: Ան անմիջապէս սկսաւ Խօսքին հաւատալով արշաւելու:
Մարգարէութիւնը ա՛յնքան կատարեալ եւ զօրաւոր էր, որ ոչ մէկ զօրութիւն կը յաջողէր դէմ դնել Յէուին: Ան կատաղաբար կ'արշաւէր եւ ո՛չ ոքի կը խնայէր: Ան մարգարէութեան կատարեալ ըլլալը ճանչցած էր եւ այդ հաւատքով ճեղքեց մինչեւ Յեզաբելի պալատը ու մարգարէութեան կատարումը վայելեց:
Կարեւոր չէր թէ թշնամին ինչքան վախ կ'ուզէր բանեցնել Յէուի վրայ: Ան ականջ չտուաւ անոր եւ զինք պատուհանէն վար նետել հրամայեց, քանի ա՛յդ նպատակին համար Աստուծոյ Խօսքը հոն էր: Աստուծոյ Խօսքը Սատանան տապալելու եկած է:
Մարգարէութիւնը Քեզ Կատարումին Մէջ Կ'ապրեցնէ
Յէուի համար մարգարէութեան կատարումը աւելի իրական էր քան ներկան: Ան ապագային մէջ կ'ապրէր:
Ան կատաղաբար կ'արշաւէր, որովհետեւ կը մերժէր մարգարէութեան կատարումէն դուրս՝ որեւէ իրավիճակ: Յէու կը հրաւիրէր, որ մարդիկ որոնք նոյնանման սիրտ ունին, իր հետ արշաւեն, որպէսզի իրենք ալ «ապրին» ապագային մէջ, տեսնելով իր ընթացքը եւ իր հաւատքը կիրարկելու ձեւը:
Մարգարէութիւնը Քեզի Համար Է
Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ քու նախանձախնդրութիւնդ քեզ պիտի յայտնէ մարգարէութեան զօրութիւնը:
Դուն կանչուած ես ըլլալու քու կեանքիդ մարգարէն, Աստուծոյ Խօսքը քու մէջդ ունենալով:
Դուն Ճշմարտութեան, արդարութեան եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման համար արշաւող հրամանատար ես: Հռչակէ՛ Աստուծոյ Խօսքը քու կեանքիդ եւ աշխարհին վրայ ու տե՛ս Աստուած ինչ կ'ընէ:
Comments
Post a Comment