Աստուծոյ Խոստումը՝ Սուրբ Հոգին
Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը Յիսուս կը կայնի եւ կ'աղաղակէ՝ «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ...» (Յհ 7.37):
Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին կ'ուզէր մարդոց ուշադրութիւնը դարձնել Աստուծոյ խոստումին՝ Սուրբ Հոգիին վրայ մինչ մարդիկ տարուած էին իրենց առօրեայով եւ մարդկային աւանդութիւններով:
Մեր ալ կեանքերը լեցուն են սովորութիւններով որոնց կրնանք կապուիլ եւ չվայելել կեանքի լեցունութիւնը որ կախեալ է միայն Յիսուսէն եւ որ կը ստանանք միայն հաւատալով այն զոհին որ Աստուած պատրաստեց:
Տաղաւարահարաց տօնը (Ղւ 23.33-36) Իսրայէլի 3 գլխաւոր տօներէն մէկն էր: Տօնը ութ օր կը տեւէր, առաջին եւ վերջին օրերը շաբաթ օրուայ հանգիստով եւ ամէն օր զոհեր կը մատուցանէին:
Այդ շաբթուան ընթացքին, իսրայէլացիներ արմաւենիներով հիւղակներ կը շինէին եւ հոն կը բնակէին որպէսզի յիշեն անապատի մէջ վրաններու տակի կեանքը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը:
Մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ բոլոր ժողովուրդը կը տօնէր այս տօնը:
Վերջին օրը կը յիշէին ինչպէս իրենք անապատէն ելան եւ խոստացուած կաթ ու մեղր բղխող երկիրը մտան:
Այս տօնին առթիւ քահանայապետը կ'առաջնորդէր ժողովուրդը դէպի Սիլոամի աւազանը ուր սափոր մը ջուր կը լեցնէր եւ կ'երթար դէպի զոհասեղան եւ հոն կը թափէր:
Աստուած կ'ուզէ քու վրադ կեանքի ջուրեր թափել բայց պէտք է պատրաստուիս՝ Պէտք է զոհ ըլլաս (Հռ 12.2, Գ Թգ 18.41):
Յիսուս է բո՛ւն կեանքի ջուր տուողը (Յհ 7.37-39)
Պէտք էր ժողովուրդը արդէն Աստուծոյ հանգիստը մտնէին բայց Յիսուս, Աստուծոյ բո՛ւն հանգիստը, կայնած կ'աղաղակէր՝ «ինծի եկէ՛ք»: Մենք մեր աչքերը պէտք է յարենք Յիսուսի (Եբր 12.2):
Տօնակատարութիւնը եւ օրէնքը միայն շուքն էին (Եբր 10.1, 8.13, 9.11-12): Աստուծոյ կամքը եւ խոստումը ահա հստակ դարձած եւ մարմնացած մարդոց առջեւ կեցած էր:
Դուն ինչո՞վ կը հագենաս: Կրոնքո՞վ թէ Ողջ Աստուծմո՞վ: Յիսուս ահա փառաւորուած, յարութիւն առած, համբարցած, Հօր աջ կողմը բազմած քու վրադ թափած է Սուրբ Հոգին: Դուն ո՞ւր ես: Ի՞նչ վիճակի մէջ ես:
Ան որ երախտապարտ է Աստուծոյ շնորհքին եւ անձը կը խոնարհեցնէ եւ համարցակութիւնը ունի ըստ այնմ Աստուծոյ գահին մօտենալու պիտի ստանայ կենդանի ջուրի գետեր (Եբր 10.19-22, Յհ 4.10):
Ի՞նչ է Աստուծոյ Խոստումը: Մեծ շնորհք՝ Վերջին անձրեւ (Զք 10.1, Ովս 2.21): Սուրբ Հոգին հո՛ս է եւ թափուած է ամէն անոնց վրայ որ զոհի նման Աստուծոյ կրակին ակնկալութեամբ կ'ապրին եւ իրենց անձերը պատրաստած են հաւատքով:
Ասիկա այսօր այլեւս տօն մը չէ՛: իրականութիւն է: Խոստումը քո՛ւկդ է: Կեանքի յորդած գետերը եւ առատ անձրեւը քեզի համար են:
Comments
Post a Comment