«Ան Քու Գլուխդ Պիտի Ջախջախէ»

Սատանան յաճախ մուտք կը գործէ մեր կեանքերուն մէջ եւ կը ցանէ իր խորհուրդները, որոնք մեզի վնաս կը հասցնեն: Մենք կրնանք հաւատացեալ ըլլալով հանդերձ, այդ մէկուն չանդրադառնալ, մինչեւ որ արդէն շատ ուշ եղած ըլլայ: Արդէօք Սատանան ի՞նչպէս կը յաջողի այս մէկը ընել եւ ի՞նչպէս կարելի է դէմ դնել իր հնարքներուն: Կարեւոր է լաւ ճանչնանք զինք, իր գործելաձեւը եւ իր նպատակը, նաեւ՝ մեր ինքնութիւնը, պարտականութիւնը եւ մեր առնելիք կեցուածքը: Սկսինք սկիզբէն... Եդեմի Պարտէզին Մէջ «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտին բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը» (Ծն 3.1 ա) Օձ, եբրայերէնով՝ נחש nachash, կը նշանակէ դիտել կամ հետեւիլ ուշադրութեամբ , գուշակել հմայքներ գործածելով: Գուշակները ուշադրութեամբ կը հետեւէին թռչուններուն թռիչքին, գազաններուն հետքերուն, եւ ամպերուն ընթացքին: Այսպիսով, փորձառութեան միջոցաւ, անոնք գիտութիւն ձեռք կը ձգէին: Նաեւ կը նշանակէ բայլող (ինչպէս նկարագրուած է Եզ 28.13 -ի մէջ), պղինձ կամ պղնձեայ ( Բ. Թգ 22 . 35 ; Յոբ 20 . 24 ; Սղ 18 . 34 ) եւ նաեւ պղծութիւն, շնութիւն ...