Արծիւի Նման

Աստուծոյ աներեւելի յատկանիշները կը գտնենք բնութեան մէջ. նայինք արծիւին: Աստուածաշունչին մէջ զանազան տեղեր Աստուած ինքզինք եւ իր զաւակները կը նմանցնէ արծիւի: Արծիւին յատկանիշները մեզ աւելի մօտէն կը ճանչցնեն Աստուծոյ մեզի յանձնած գործը եւ յատկութիւնները:

Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, մենք ստացած ենք իշխանութիւն եւ ունինք Աստուծոյ եկեղեցին ղեկավարելու կոչում՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան յառաջացման համար: Արծիւին մէջ կը տեսնենք ղեկավարի մը յատկանիշները:

Տեսիլքի Տէր Առաջնորդ
Արծիւին տեսողութիւնը շատ զօրաւոր է: Ան հեռուն կը տեսնէ եւ ըստ այնմ ներկայի որոշումները կ'առնէ: Իբրեւ ղեկավար, դուն պէտք է նոյնպէս տեսիլք ունենաս եւ ըստ այնմ առաջնորդես հետեւորդներդ:

Վարպետ Որսորդ
Արծիւը ձուկի վարպետ որսորդ է: Դուն կանչուած ես աշխարհի ջուրերուն մէջի մարդիկը որսալու Քրիստոսի համար:

Ինչպէս ձուկերը արծիւին յարձակումը, նոյնպէս ալ մարդիկ անկարելի է որ նշմարեն Սուրբ Հոգիէն մղուած քու յանկարծակի յարձակումդ, քանի որ հոգեւոր չեն (Եր 49.22):

Դուն բնաւ չես յուսահատիր, այլ՝ արծիւին նման շարունակ կը բարձրանաս եւ վերստին կը սուզուիս որսիդ համար:

Փոթորիկներ Ճեղքող Վկայ
Մինչ ուրիշ թռչուններ կը փախչին, արծիւը կը ճեղքէ փոթորիկը եւ զայն կ'օգտագործէ, որ բարձրանայ՝ իր թեւերը հովին դէմ դնելով:

Դուն Քրիստոսով կը ճեղքես կեանքի դժուարութիւնները եւ աշխարհին առջեւ վկայութիւն կը բերես մինչ Աստուած քեզ կը բարձրացնէ իր փառքով:

Իր Նմանը Ծնող Հայր / Մայր
Հակառակ իր վայրագութեան, արծիւը շատ ուշադրութեամբ կը խնամէ իր փոքրերը (Բ Օր 32.11) եւ մեծ համբերութեամբ իրենց կը սորվեցնէ թռչիլ:

Դուն նոյնպէս քեզ նման Յիսուսի աշակերտներ կը ծնիս եւ զիրենք կը խնամես որպէսզի իրենց թռիչք տաս դէպի աշխարհ:

Նուիրուած Շինարար
Արծիւը իր բոյնը մանրակրկիտ ձեւով կը շինէ շատ բարձր դիրքի վրայ: Արծիւին բոյնը 1-2 թոն կը կշռէ: Արծիւին բոյնը ներսէն շինուած է փափուկ մաշկով մը, որ մայր արծիւը իր կուրծքէն փրցնելով կը կազմէ: Դուն Աստուծոյ տունը խոհեմութեամբ, ինքնազոհողութեամբ եւ մեծ խնամքով կը շինես:

Աչքերը Իր Յոյսին Յարող 
Մինչ աշխարհը չի կրնար նայիլ արեւին ուղղակիօրէն, արծիւը իր աչքերուն զօրութիւնն ու կեանքը կ'առնէ արեւին նայելով, ըստ Սուրբ Օգոստինոսին:

Մենք մեր աչքերը կը յարենք Յիսուսի, առաւօտեան պայծառ աստղին (Յյտ 22.16) եւ Իրմէ զօրութիւն կը ստանանք մեր մարմնաւոր թերութիւններուն վրայ (Եբր 12.2):

Իր Ուժը Նորոգող եւ Ուրիշին Քաջալերող
Արծիւները իրենց փետուրները կը մաքրեն եւ կը պահպանեն իրենց լեզուով լուալով եւ իրենց տաք շունչով չորցնելով զանոնք: Դուն քու անձդ ու շնորհքդ կը պահպանես օծութեամբ լուալով եւ Սուրբ Հոգիին հովով մաքրելով զանոնք՝ յաջորդ օրուան պատրաստ ըլլալու համար:

Արծիւին մորթը կը կեղուուի եւ կիր (calcium) կը կապէ: Ան դժուարութիւն կ'ունենայ թռչելու եւ կ'ընկճուի:

Ամէն առաջնորդ հանգրուանէ մը կ'անցնի, ուր ճնշումի տակ պէտք է յաղթահարէ իր մարմնաւորը:

Այն արծիւները, որոնք նախապէս այս հանգրուանէն անցած են յաջողութեամբ կը կերակրեն անոնց: Անոնք, որոնք օգնութիւն չեն գտներ, անօթութենէն կը մեռնին: Չափահաս առաջնորդը կ'օգնէ եւ կը քաջալերէ միւսներուն:

Այն արծիւները, որոնք կը յաջողին ողջ մնալ, թռչելով ժայռերուն կը զարնուին, որպէսզի կիրը (calcium-ը) թօթափեն իրենց վրայէն: Այս մէկը շատ ցաւ կը պատճառէ, բայց արծիւը այս փորձառութենէն ետք շատ աւելի մեծ զօրութեամբ կը սաւառնի: Յիսուս մեր ժայռն է եւ առանց իր հետ հանդիպելու մենք չենք կրնար գերբնական թռիչք ստանալ:

Աստուած Իր Եկեղեցին կառուցելու համար սահմանած է հինգ գլխաւոր ծառայութիւններ, որոնց միջոցաւ Եկեղեցին կարող է աճիլ եւ հասնիլ Քրիստոսի հասակին (Եփ 4.11-13):

Արծիւին մէջ հնգեակ ծառայութիւններուն յատկանիշները (Եփ 4.11-13) յստակօրէն կ'երեւին՝

Առաքեալ
Աստուած Եզեկիէլ մարգարէին կ'ըսէ, որ Իսրայէլի ժողովուրդին պատգամ մը փոխանձէ ըսելով, թէ մեծ եւ զօրաւոր արծիւ մը գունաւոր փետուրներով կ'առնէ իրենց երկրի սերմերէն եւ կը ցանէ օտար եւ պարարտ հողի մէջ, ուր այդ սերմերը կը վերածուին տարածուող մեծ որթատունկի մը (Եզ 17.1-5):

Առաքեալը կը վայելէ Աստուծոյ փառքը (գունաւոր փետուրներ) եւ Աստուծոյ խօսքը (սերմը) կը տանի հեթանոս երկիրներ, ուր ծարաւ են Աստուծոյ խօսքին եւ եկեղեցիներ կը ցանէ ու կ'աճեցնէ: 

Մարգարէ
Արծիւին սուր եւ հեռատես տեսողութիւնը զինք կ'արտօնեն, որ շատ բարձր դիրքէ կարենայ շատ հեռուն տեսնել եւ ազատիլ շատ մը փորձանքներէ:

Մարգարէին կոչումն է ազդարարել ժողովուրդը եւ քաջալերել զիրենք գալիք բաներով, որոնք Աստուած իրեն կը յայտնէ: 

Յայտնութեան գիրքին մէջ, արծիւ մը կ'աղաղակէ եւ կ'ազդարարէ հրեշտակներով կատարուելիք դատաստանին մասին (Յյտ 8.13):

Աստուած Եգիպտոսէն ազատած Իսրայէլի ժողովուրդին կ'ըսէ՝ ձեզ արծիւի թեւերու վրայ վերցուցի եւ Եգիպտոսէն հանեցի (Ելք 19.4):

Աւետարանիչ
Արծիւը հանգիստ չի նստիր, այլ՝ միշտ նորոգուած զօրութեամբ կը սաւառնի առանց հոգնելու (Ես 40.31):

Աւետարանիչը չի կրնար իր տունը նստիլ, ան մեծ մղում ունի աշխարհ երթալու, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը քարոզէ:

Արծիւը իր ճանկերով կը վերցնէ օձը եւ ժայռերու վրայ նետելով զանիկա, կը մեռցնէ:

Աւետարանիչը կը հռչակէ օձին չախչախուած ըլլալը եւ Յիսուսի Խաչին զօրութիւնը (Ղկ 10.19):

Հովիւ
Արծիւը հաւատարիմ է իր զոյգին: Արծիւի զոյգերը իրարու շատ նուիրուած կ'ըլլան: Անոնք միասին իրենց բոյնը կը շինեն:

Եկեղեցւոյ հովիւը հաւատարիմ է իր եկեղեցիին եւ ամբողջովին կը նուիրուի եկեղեցւոյ շինութեան:

Ուսուցիչ
Արծիւին աչքերը միշտ թաց կ'ըլլան:

Ուսուցիչը իր աչքերը կ'արցնկոտէ՝ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով:

Հայր եւ Մայր արծիւները մեծ աշխատանք կը տանին իրենց փոքրերուն թռչիլ սորվեցնելու համար եւ երբ կը յաջողին, օդին մէջ շրջանակ ընելով կ'ուրախանան:

Եկեղեցւոյ մէջ ուսուցիչը կ'ուրախանայ իր աշակերտներուն պտուղով:


Դուն աշխարհի մէջ «արծիւ» ես:
Դուն աշխարհին համար երկինքէն ծնած մեծ նշան մըն ես:

Դուն մարդիկ կ'առաջնորդես դէպի առաւօտեան արեգակը՝ Յիսուս Քրիստոսը, ինչպէս երկնքի մէջ սաւառնող արծիւը:



Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)