Աղօթք Փառաբանութեան

Կը պատրաստես ժողովուրդ մը Քեզ պաշտելու մաքուր սրտով։ Քու նախանձդ գանձ է, Ո՜վ Նախանձախնդիր Աստուած։ Դուն Հայր ես, կը պատերազմիս որդիներուդ համար։ Քու զոհողութեամբդ աւելի բարձր ես քան աստուածները։ Դուն կը բժշկես, կը բարձրացնես ու կը զարդարես լքուածները։ Սուրբ Հայր, դուն զաւակներուդ՝ յաղթանակի դրօշակ ես։ Ո՞վ կայ Տէր, Քեզ նման։ Ո՛չ ոք կը մօտենայ Քու անուանդ։ Կը հաստատես ու կը տարածես Թագաւորութիւնդ՝ Խօսքովդ։ Ազգէ ազգ՝ կը տիրես անհատական խնամքով ու գութով։ Սերունդներ կը պատմեն քու գործերուդ մասին, զարմանքով։ Երկիրն ամբողջ կ՚երգէ քու փառքիդ մասին՝ նոր երգով։ Տիեզերգը կ՚ընթանայ ծափով ու պարով՝ քու սրտիդ տրոփումով։ Ո՞վ կայ Քեզ նման. Պատերազմող Աստուած, Որ Քու Որդւոյդ արիւնով կը հանդիմասես չարը, Ներկայութեամբդ կը լեցնես տուներ, Յաւիտենական ուխտով կը կնքես՝ Քեզի դարձողներ։ Որդեգրող Աստուած, Իւրացնող Աստուած, գրկող ու սնանող Աստուած, Դուն կը ժպտաս քու զաւակներուդ վրայ՝ գիշերով, եւ կը քաջալերես՝ ցերեկով։ Ուրախ Աստուած, ցնծութեան Աստուած, տօնախմբութեան Աստուած, Կ՚արշաւես փառաբանութեամբ եւ կը գրաւես...