Աստուծոյ Զարմանալի Խօսքը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Բ. Մաս)
«Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար, խիստ շատ գեղեցկացար ու Թագաւորութեան հասար» (Եզ 16.13բ): Հաւատացեալին կեանքին մէջ հիմնական տեղ պէտք է գրաւէ Աստուծոյ Խօսքը: Աստուծոյ Խօսքին հետ մտերիմ յարաբերութիւնը գեղեցկութեան, զօրութեան ու յաղթութեան (Թագաւորութեան) հասնելու գաղտնիքն է: Աստուած իր Խօսքով կ’ուզէ լեցնել եւ սնուցանել մեզ, ինչպէս ստամոքսը` կերակուրով (Եզ 3.1-5): Այս մէկը հաւատքի գործ է եւ մեր համարձակ ու մանուկի հաւատքի մօտեցումին կը կարօտի: Շատեր կը տառապին վատ եւ աղքատ հոգեւոր սննդառութենէ եւ կը գանգատին իրենց հաւատքի թերաճ վիճակին համար: Աստուած կ’ուզէ իր զաւակները լա՛ւ սնանին, աճին եւ հասնին Թագաւորութեան: Այս պատճառով, Աստուած իր քաղցր Խօսքը կը հրամցնէ. Խօսք մը որ աւելի քաղցր եւ փափաքելի է քան որեւէ բան երկրի վրայ, Խօսք մը որ մեր բոլոր պէտքերուն լուծումն է (Սղ 119.97-112): Մանանան եւ Լորամարգիները (Ելք 16) Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին հաւատքով քալել սորվեցնելէ ետք, անոնց կ’ուզէ հիմնական սկզբունք մը սորվեցնել, թէ «ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հա...