Նախանձոտ Աստուած (Թագաւորութեան Հաստատումը – Է. Մաս)

Ուխտը եւ Պատուիրանները Սինա Լերան վրայ, Աստուած Իսրայէլի հետ ուխտ մը կը կնքէ, որմէ անմիջապէս ետք Մովսէսին միջոցաւ կը փոխանցէ Իր Օրէնքը եւ պատուիրանները: Այդպիսով Աստուած Իր անձը կը յայտնէ Իր ժողովուրդին: Առաջին Երկու Պատուիրանները (Ելք 20.1-6) « [ ...] Ես եմ Եհովան քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեցի: Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս: Դուն քեզի կուռք չշինես [ ...] Անոնց երկրպագութիւն չընես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ [...]» (Ելք 20.1-6) : Նախքան Օրէնքը յայտնէ, Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ Փրկիչ: Օրէնքը հոգեւոր է (Հռ 7.14), եւ Օրէնքին մէջ քալելու գաղտնիքը մեր Փրկիչ Աստուծոյ նայելուն մէջ է: « […] Միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած» (Ա.Կր 2.2): Որեւէ բան որ մեր ուշադրութիւնը նուազագոյն չափով կը շեղէ Աստուծմէ, կուռք է եւ մեր հաւատքին սպառնալիք (Եբր 12.2): «Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին...