«Աչքերնիդ Վերցուցէ՛ք ու Արտերուն Նայեցէ՛ք» (Յհ 4.35)

«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք: Արդէն ճերմկած ու հնձելու պատրաստ են» (Յհ 4.35): Ի՞նչպէս կը նայէր Յիսուս կեանքին եւ ի՞նչպէս կ ’ ապրէր ( Մր 7.31-37 ): Իր ամբողջ էութեամբ եւ զօրութեամբ, Ան նուիրուած էր Աստուծոյ գործը կատարելու եւ Սատանային գործերուն վերջ դնելու ( Գրծ 10.38 ): Ինչպէս յովազը կը յարձակի որսը լափելու համար , նոյնպէս Յիսուսի Հոգին « անօթի » է Թագաւորութեան համար կեանքը լափելու : Աստուած մեզի նոյն հարցումը կը հարցնէ այսօր՝ « Ի՞նչպէս կը նայիս քու կեանքիդ »: Ըստ Աստուածաշունչին, մեր կոչումն է քալել այն բարի գործերուն մէջ , որ Աստուած Յիսուսով մեզի համար նախապէս պատրաստեց ( Եփ 2.10 ) եւ կեանքի մէջ թագաւորել ( Հռ 5.17) : Սովորական կեանքի հոսանքը կու գայ մեզի կեդրոնացնելու մեր առօրեայ պէտքերուն վրայ : Աստուած մեզ կը յիշեցնէ որ կեդրոնանանք Թագաւորութեան գործին վրայ ( Մտ 6.33 ): Կեանքի դժուարութիւնները կու գան մեզ վախցնելու եւ յուսահատեցնելու : Աստուած մեզ կը քաջալերէ մեզի յիշեցնել...