Մարգարէին Պաշտօնը (Ա. Թգ 10)

Մինչ Սամուէլ եւ Սաւուղ միասին կը քալէին, Սամուէլ Սաւուղը մէկ կողմ կը քաշէ անոր Աստուծմէ պատգամ մը փոխանցելու համար (Ա. Թգ 9.27 ): Մենք, որպէս Քրիստոսի մարմինը, մարգարէ ենք, այս աշխարհին փոխանցելու համար Աստուծոյ Խօսքը: Նայինք ի՞նչ կ'ըսէ Աստուծոյ Խօսքը մարգարէին պաշտօնին մասին: Մարգարէն վստահութիւն կը ներշնչէ (Ա. Թգ 10.1 )` Ընդհանրապէս ծածուկ ձեւով եւ ոչ հրապարակաւ: Կը կատարուի Աստուածային իշխանութեամբ: Կը կատարուի Սուրբ Հոգիին օծութիւնով: Կը փոխանցէ Աստուծմէ Իշխանութիւն: Մարգարէն գիտութեան եւ իմաստութեան Խօսքով կ'ուղղէ ( 10.2-8 ): Ան կը ծառայէ ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ նշաններով: Ան Կ'ուղղէ քայլ առ քայլ, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան համաձայն` 1. Դէպի Ռաքէլի գերեզմանը § Մարգարէութիւնը կը յայտնէ Աշխարհէն մեռնիլը (Մտ 8.22 ): 2. Դէպի Աստուծոյ տունը՝ Բեթէլ § Մարգարէութիւնը կ'առաջնորդէ դէպի Աստուածպաշտութիւն եւ մարմնաւորէն՝ դէպի հոգեւոր կեանք: 3...