Աստուծոյ Խոստումը՝ Սուրբ Հոգին

Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը Յիսուս կը կայնի եւ կ'աղաղակէ՝ «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ...» (Յհ 7.37 ): Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին կ'ուզէր մարդոց ուշադրութիւնը դարձնել Աստուծոյ խոստումին՝ Սուրբ Հոգիին վրայ մինչ մարդիկ տարուած էին իրենց առօրեայով եւ մարդկային աւանդութիւններով: Մեր ալ կեանքերը լեցուն են սովորութիւններով որոնց կրնանք կապուիլ եւ չվայելել կեանքի լեցունութիւնը որ կախեալ է միայն Յիսուսէն եւ որ կը ստանանք միայն հաւատալով այն զոհին որ Աստուած պատրաստեց: Տաղաւարահարաց տօնը (Ղւ 23.33-36 ) Իսրայէլի 3 գլխաւոր տօներէն մէկն էր: Տօնը ութ օր կը տեւէր, առաջին եւ վերջին օրերը շաբաթ օրուայ հանգիստով եւ ամէն օր զոհեր կը մատուցանէին: Այդ շաբթուան ընթացքին, իսրայէլացիներ արմաւենիներով հիւղակներ կը շինէին եւ հոն կը բնակէին որպէսզի յիշեն անապատի մէջ վրաններու տակի կեանքը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը: Մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ բոլոր ժողովուրդը կը տօնէր այս տօնը: Վերջին օրը կը յիշէին ինչպէս իրենք անապատէն ելան եւ խոստացուած կաթ ու մեղր բղխող երկիրը մտան: Այս...